login
Յօդուածներ
«Տպաւորուած Եմ. Համագործակցութեան Ուղիներ Կը Փնտռեմ» Ճոն Հեֆֆերնը՝ ՀՀՀ Այցելելէ Անմիջապէս Ետք 11/24/2014
«Բարեւ, ես կը ներկայացնեմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ Հայաստանի մէջ»։ Հայաստանի ԱՄՆ-ու դեսպան Ճոն Հեֆֆերնը, անկեղծ, քանի մը բառ փոխանակեց Աւստրալիա բնակող, սինկաֆորցի, Քարմոն Խուի հետ, որ ՀՀՀ-ի շնորհիւ, արդէն, քանի մը ամիսէ հայերէն կը սորվի: Նոյեմբեր 24-ին, Ճոն Հեֆֆերնը այցելեց ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը: Հանդիպումը պաշտօնական չէր, այլ՝ ջերմ եւ իմաստալից։ ՀՀՀ –ի Հիմնադիր եւ Նախագահ՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, Ակադեմական Տնօրէն՝ Յասմիկ Խալափեանը եւ Վարչական Տնօրէն՝ Աննա Ենգիբարեանը ԱՄՆ-ու դեսպանին ներկայացուցին ՀՀՀ-ի հիմնական գաղափարը, որդեգրած ուսումնական եւ ճարտարագիտական մեթոտները, ՀՀՀ-ի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ վերջին նորարար նախաձեռնութիւնները: Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը, նաեւ, ներկայացուց ուշագրաւ տուեալներ, աշխարհագրական եւ տարիքային վիճակագրութիւններ՝ նշելով, որ մօտաւորապէս, ուսանողներուն 22 տոկոսը ԱՄՆ-էն է, իսկ տարիքային առումով, 60 տոկոսի տարիքը կը հասնի մինչեւ 40 տարեկան: Ի պատասխան ԱՄՆ-ու դեսպանի հարցադրումին՝ առնչուած ուսանողներու միմեանց եւ ուսուցիչներու հետ փոխհաղորդակցութեան հնարաւորութիւններու մասին, Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ –ի կազմակերպած առցանց շրջագայութիւնները եւ միջոցառումները։ Ան ցոյց տուաւ, որ ՀՀՀ-ի ուսանողը, առցանց, կրնայ այցելել Հայաստանի թանգարանները եւ պատմամշակութային վայրերը, զբօսնիլ Երեւանի մէջ ու մասնակցիլ ընկերային-մշակութային տարբեր գործունէութիւններուն: Ճոն Հեֆֆերնը ծանօթացաւ ՀՀՀ-ի մագիստրոսական ծրագիրներուն եւ կրթութեան առցանց ու հիպրիդ ոճերուն, նշելով դեսպանատան հետաքրքրութիւնը զանգուածային առցանց դասընթացքներու (MOOC) մասին։ Երկու կառոյցներու համագործակցութիւնը, երկուստեք, հետաքրքրական եւ փոխշահաւէտ ըլլալու հաւանականութիւնը յայտնեց: Այցի ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ, նաեւ, ՀՀՀ-ի ելեկտրոնային գիրքերու շարքը: ԱՄՆ-ու դեսպանը յայտնեց իր հիացմունքը։ Ան ըսաւ.-«Նոյեմբեր 24-ին, ես հաճոյքով այցելեցի ՀՀՀ-ի գրասենեակ: ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութիւնը կրող կրթական այս կառոյցը, հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհասփիւռ հայերուն, կապ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան, հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնքի հետ: Իսկապէս տպաւորած են զիս ՀՀՀ-ի տրամադրած համապարփակ եւ բովանդակալից դասընթացքները։ Յառաջիկային համագործակցելու ուղիներ կը փնտռեմ»: ՀՀՀ-ի հետ մշտական կապ հաստատելու համար, դեսպանը միացաւ ՀՀՀ-ի Twitter էջին։